2015-02-11 11:11:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` 11 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութիւնը` Զաւակները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 փետրուար 2015-ին, Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը որ է նաեւ Հիւանդներու համաշխարհային օր, Ֆրանչիկսոս Պապը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, որուն սկիզբը հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթել Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը ի պատիւ Լուրտի Տիրամօր։

Ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած իր խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ զաւակներու մասին։
Զաւակները - ըսաւ Ան - Աստուծոյ պարգեւ մըն են։ Անոնք ընտանիքին եւ ընկերութեան ուրախութիւնն են։ Իւրաքանչիւր զաւակ եզակի ու անկրկնելի է։ Զաւակ ըլլալու փորձառութիւնը` ըլլալ անձեր սիրուած նախ քան աշխարհ գալը, առանց որեւէ արժանիքի, թոյլ կու տայ բացայայտելու Աստուծոյ անհուն եւ առատ սիրոյ չափանիշը, որ երբեք չի դադրիր մեզ զարմացնելէ եւ որ անհատի արժանապատուութեան հիմն է։
Զաւակ մը կը սիրուի պարզապէս որովհետեւ զաւակ է, ոչ որովհետեւ գեղեցիկ է, առողջ է, բարի է կամ որովհետեւ ինծի նման կը մտածէ ու իմ բաղձանքներուս կը համապատասխանէ. Զաւակ մը զաւակ է` մեզմէ բխած կեանք մը յատկացուած անոր ու անոր բարիքին։
Զաւակ ըլլալը հիմնական պայմանն է ճանչնալու Աստուծոյ սէրը եւ ամէն զաւակի հոգիին մէջ Աստուած կը զետեղէ այդ սիրոյ կնիքը - ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով թէ ''Այսօր աւելի դժուար է զաւակներուն համար գուշակել իրենց ապագան։
Անոնք պէտք չէ վախնան նոր աշխարհ մը կառուցելու ձգտումէն, արդարացի է անոնց ցանկութիւնը, առանց մեծամտութեան, աւելի լաւ աշխարհ մը ունենալու - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ ''միաժամանակ անոնք պէտք են հետեւիլ չորրորդ պատուիրանին` ''յարգել հայրն ու մայրը'', ապահովելու համար ընկերութեան ապագան, որովհետեւ անոնք ազգի մը յոյսն են եւ սերունդներու միջեւ ներդաշնակութիւն''։
Իրեն ծնողները անարգող ընկերութիւն մը, անպատիւ ընկերութիւն մըն է – ըսաւ Քահանայապետը, նոյնպէս սերունդներէ զուրկ ընկերութիւն մը որ չի սիրեր զաւակներով շրջապատուիլ, որ զանոնք կը նկատէ որպէս մտահոգութեան աղբիւր կամ վտանգ, ու բազմանդամ ընտանիքները կը նկատէ որպէս ծանրութիւն, ճնշուած հասարակութիւն մըն է։
''Կեանքը կը վերակենդանանայ եւ նոր ուժականութիւն կը ստանայ բազմապատկուելով ու այսպէսով կը հարստանայ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր խորհրդածութեան աւարտին ու հրաւիրեց այս իրականութիւնը ապրիլ հաւատքով եւ ուրախութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.